2009-09-09 13:50:25

Սողոմաոնի Իմաստութեան Գիրքէն Ա Գլուխ` Կատարելութեան կեանք ապերելու յորդոր


Սողոմաոնի Իմաստութեան Գիրքէն Ա Գլուխ` Կատարելութեան կեանք ապերելու յորդոր

1Արդարութի՛ւնը սիրեցէք, դուք, որ երկիրը կը դատէք։ Բարի՛ն մտածեցէք Տիրոջ մասին, բարի՛ թող ըլլայ ձեր խորհելակերպը, անկե՛ղծ սրտով փնտռեցէք դուք զինք։

2Որովհետեւ այնպիսիներո՛ւ կողմէ միայն կը տնուի ան, որոնք չե՛ն փորձեր զինք, եւ անո՛նց կերեւի ան, որոնք անվստահութի՛ւն ցոյց չեն տար անոր հանդէպ։

3Որովհետեւ Աստուծմէ՛ կանջատեն թիւր մտածմունքները, իսկ եթէ ընդդիմադրութեան փո՛րձ կատարուի՝ կը պատուհասէ՛ (ան այդ) անզամները։

4Որովհետեւ իմաստութիւնը՝ տե՛ղ պիտի չտնէ չարին յարած հոիին մէջ, եւ բնակի՛լ չի կրնար ան՝ մարմնի՛ մը մէջ, որ մեղքի՛ տուած է ինքզինք։

5Որովհետեւ իմաստութեան Սուրբ Հոին՝ պիտի փախչի՛ նենութիւն եղած տեղէն, եւ հեռո՛ւ պիտի պահէ ինքզինք անմիտ աղափարաբանութիւններէ, ու պիտի կշտամբէ՛, երբ անիրաւութիւններ ործուելու ըլլան։

6Որովհետեւ իմաստութեան մարդասիրական հանամանքը չարդարացներ հայհոյիչը՝ անոր շրթունքներէն (ելած պիղծ խօսքերէն), քանի որ անոր երիկամներո՛ւն անամ վկայ է Աստուած, ի՛նքն է անոր սրտին վերահսկիչը, եւ անոր լեզուին ականջալուր (վկան)։

7Որովհետեւ Տիրոջ Հոի՛ն լեցուցած է տիեզերքը, եւ խօսուածներո՛ւն իտութիւնն ալ ունի ան՝ որո՛ւն ենթարկուած է ամէն ինչ։

8Անոր համար ալ, ծածկուած պիտի չմնա՛ն, (մարդոց արտաբերած ա՛յն խօսքերն անամ), որոնք շշընջուա՛ծ են (միայն) անիրաւաբար, եւ ո՛չ մէկ իրաւունք(ի բռնաբարութիւն) պիտի կարենայ (աննկատ) անցնիլ անոր քովէն՝ առա՛նց կշտամբանք (ստանալու)։

9Որովհետեւ հարցափորձի՛ պիտի ենթարկուին ամբարիշտներու մտածումնե՛րն (անամ), եւ Տիրո՛ջ ականջին պիտի հասնին ա-նոնց խօսածները, որպէսզի կշտամբուի՛ն անոնց ործած անօրէնութիւնները։

10Քանի որ ամէ՛ն բան կը լսէ (իր պատւոյն) նախանձախնդրութիւն ունեցողին ականջը, եւ աղտնածածուկ պիտի չմնայ՝ ամենայետին քրթմնջի՛ւնն անամ։

11Ասկէ ետք (ուրեմն) զո՛յշ եղէք անօուտ քրթմնջիւններէ, խնայեցէ՛ք ձեր լեզուին, որ բամբասանքներո՛ւ չերթայ ան, որովհետեւ աննկատ պիտի չանցնի ամենայետին դատարկաբան աղ-տնի՛քն անամ, քանի որ հոի՛ն կը սպաննէ ստախօս բերանը։

12Մի՛ ցանկաք մահուան, ձեր (առօրեայ) կեանքի մոլորանքներուն անձնատուր, եւ մի՛ փութացնէք ձեր սեպհական փճացումը՝ ձե՛ր իսկ ձեռքերով։

13Որովհետեւ Աստուծոյ ործը չէ՛ մահը, եւ չո՛ւրախանար ան, ողջերու կորուստին համար։

14Քանի որ լինելութեա՛ն համար ոյացուցած է (ան) ամէն ինչ, եւ փրկութեան կը ծառայէ աշխարհի վրայ կատարուած ամէն ործ։ Չկա՛յ անոնց մէջ կորստաբեր թոյն, եւ ոչ ալ դժո՛խքը իշխանութիւն ունի երկրիս վրայ։

15Որովհետեւ անմա՛հ է արդարութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.